Գալիք իշխանութիւններուն թիւ մէկ խնդիրը այսօր առկայ սահմանային իրավիճակի փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ. Յարութ Սասունեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ ամերիկահայ գործիչ, հրապարակախօս՝ Յարութ Սասունեանը:

 

-Ի՞նչ ակնկալիքներ ունիք այս ընտրութիւններէն:

Դժբախտաբար, այս ընտրութիւններէն շատ մեծ ակնկալիքներ չենք կրնար ունենալ, որովհետեւ ով ալ գայ իշխանութեան, շատ բան պիտի չկարենայ ընել։ Ունեցած ենք մեծ կորուստներ եւ վարչապետ Փաշինեան ստորագրած է այդ պարտուողական համաձայնագիրը: Եւ մենք այսօր, ըլլալով փոքր եւ տկար երկիր՝ շրջապատուած աւելի հզօր եւ թշնամի երկիրներով, շատ տեղ չունինք շարժելու…։

 

-Ի՞նչ տեսակի իշխանութեան կարիքը ունի Հայաստանը այսօր:

Իմ կարծիքով, գալիք իշխանութիւնները պէտք է ըլլան այնպիսին, որ կարողութիւնը ունենան երկիրը ղեկավարելու, բան մը որ դժբախտաբար չունինք այսօր, եւ կարողանան ամէն ինչ ընել որ երկիրը հեզասահօրէն, առանց ցնցումներու ղեկավարեն, որովհետեւ հիմա շատ դժուար կացութեան մէջ է երկիրը։ Անընդհատ յարձակումներու կ՚ենթարկուինք, մանաւանդ Սիւնիքի մէջ, եւ ամէնուր կորուստներ ունինք, գերիներ ունինք: Նոր իշխանութիւնները յուսամ անկեղծ եւ լաւ ձեւով կրնան ղեկավարել երկիրը եւ փորձանքներէն հեռու պահել մեր հայրենիքը: Ի վերջոյ Գալիք իշխանութիւններուն թիւ մէկ խնդիրը այսօր առկայ սահմանային  իրավիճակի փոփոխութիւնը պէտք է ըլլայ 

 

-Գալիք իշխանութիւններուն առաջին ընելիք գործը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:

Նոր իշխանութիւններուն ամէնէն կարեւոր գործը սահմանային հարցերը  կարգի դնելը պէտք է ըլլայ:

Ատրպէյճան  տարբեր միջոցներով այսօր  ճնշումի տակ կը պահէ Հայաստանը եւ այդ վիճակը պէտք է վերացուի։ Եթէ կարող ղեկավար ունենք, կրնանք մեր վնասները նուազագոյնի իջեցնել եւ երկրին նոր շունչ տալ։

Ի վերջոյ այսօր մեր ժողովուրդը մեծ մտավախութիւններու առաջ կանգնած է եւ առկայ վիճակը անպայման պէտք է փոխուի։